Tuesday, December 27, 2011

Քուն

Քունս եկաւ, բայց դուռը չբացի: Քունս հեռաձայն ըրաւ: Չպատասխանեցի: Նամակ մը գրեց, զայն կտրեցի թափեցի: 

Ի վերջոյ, քունս յուսահատեցաւ, հեռացաւ: Զիս պառկեցնել ջանալով յոգնեցաւ: Կամաց մը, հանգստաւէտ ծառի մը տակ, իր անդորր աչքերը գոցուեցան: Պզտիկ կատուի մը մեղմ շունչով, քունս քնացաւ:

Ինքը երազ տեսաւ: Այդ երազին մէջ, հին բարեկամիս, քունիս եկայ:

Բայց որ մէկը արթնցաւ, այդ ալ չեմ գիտեր: