Միջնադարեան մարդ, Արիստոտելով բորբոքուած, հաւատաց որ մեր մարմինը փոքր աշխարհ մըն է: Այսինքն՝ ամէն ինչ որ մէջերնիս կը պատահի ոչ միայն արտաքին աշխարհին ցոլացում մըն է, այլեւ մեր մարմիններուն եւ տիեզերքին միջեւ իսկական եւ անժխտելի կապ մը կը կազմէ:
Անշուշտ, ամենակարեւորը այն է որ արտաքին աշխարհը լոկ իմանալու միջոցը մեր ներքին, մարմնական աշխարհն է:
Ուրեմն: Այս շաբաթ, Տիթրոյթին մէջ, երկրաշարժ մը զգացուեցաւ: Հո՞ս: Այսքա՞ն հեռու Լոս Անկելէսէ:
Առաւել եւս: Վերջերս, ամէն գիշեր մրրիկ մը պատուհանիս կը մօտենայ, անձրեւ ապականիին դէմ փչելով, խեղդուած մարդու մը վերջին շունչին նման: Եւ ամբողջ գիշերը արթուն կը մնամ, մտածելով այդ առեղծուածին մասին, որ ներքին գործարաններս իրենց յատուկ անձնասիրութեամբ ինծի չեն յայտներ: