Friday, July 30, 2010

Ապրած Տեղերս

Քանսաս, ծննդավայրս, լեցուն էր... պարապութեամբ: Նովա Սքոթիա ինծի սորվեցուց թէ ամարանոց ունենալը օգուտ չունի եթէ ձմեռ տանուտէրն է: Աշխարհը բնաւ չհաւատաց որ Քալամազու գոյութիւն ունի, եւ հետեւաբար Քալամազուին զաւակները կարեւորութիւն չեն տար աշխարհին: Հայաստան ոտքս կտրեց, բայց յետոյ հաշտուեցանք: Հալէպ անուշ ջուր քեզի կը հրամցնէ, բայց անորոշ բան մը քեզմէ կը պահանջէ: Գիրքերս հազարաւոր ձայներով կը խօսին. միասին, այդ ձայներուն փսփսուքը առագաստ լեցնող հողմին կը նմանի, յաջորդ տեղը հասնելէ առաջ:

Tuesday, July 27, 2010

Աղօթք

Եթէ անցեալը պէտք է վերադառնայ, կ'աղօթեմ որ այդ անցեալը անմիջապէս մեզ չճանչնայ: Եթէ մեր անցեալին հետ պէտք է հանդիպինք, մեծ ամբոխի մը մէջ թող ըլլայ, իբրեւ անծանօթներ իրարու քովէն անցնելով՝ արմուկները անգիտակցաբար իրարու կը զարնեն: Եւ եթէ «կը ներէք» մը մեր շրթունքէն վեր կ'ելլէ, մեր անցեալին պատասխանը թող չլսուի: Միայն անցեալը ցած երգ մը թող երգէ անցնելով, այդպիսի երգերէն՝ որ անքուն պզտիկներ մեղմօրէն կը պառկեցնէ:

Thursday, July 22, 2010

Վերստին Թոռնիկ ու Պապիկ

Պապիկ. --Աղուէս, դո՞ւ էիր խանգարիչ,
Որ այսչափ աշխատ արարեր զմեզ,
Դո՞ւ ես այն, որ կոտորեցեր զԱրիս այսչափ ամս:
Եւ այժմ զիա՞րդ կարես ապրել ի ձերաց իմոց,
Զմահ աղուեսու սպանից զքեզ:

Թոռնիկ. --Այժմ քո տեսեալ զիս անձամբս փոքրիկ,
Եւ սուրն իմ ոչ ընդ իս,
Ոչ առեր զչափ մեծութեան իմոյ.
Զի ցայժմ ես քեզ առիւծ էի, եւ արդ աղուէս:
Բայց մինչ ես Ապագան էի, ես ձեզ սկայ էի.
Մի ոտնս ի միոյ լերին կայր,
Եւ միւս ոտնս իմ ի միւսոյ լերին կայր.
Յորժամ յաջ ոտնս յենուի,
Զաջ լեառն ընդ գետին տանէի.
Յորժամ ի ձախ ոտնս յենուի,
Զձախ լեառն ընդ գետին տանէի:

Պապիկ. --Աղէ', տուր ինձ գիտել,
Ո՞վ են լերինքն այնոքիկ,
Զորս դուն ընդ ունջ տանէիր:

Թոռնիկ. --Լերինքն երկուք, մի դո'ւ էիր,
Թագաւորն Սփիւռքահայոց,
Նայեալ ի Հայաստան,
Որպէս ոմն նայէ ի հայելի
Եւ զդէմքն իւր ոչ ճանաչէ:
Միւսն՝ Թագաւորն հայոց,
Որ նայէ ի լոյսն կուրացուցիչ
Տարածեալ ի վերայ անհուն ծովուն սփիւռքահայոց
Եւ միայն մի «սպիտակ ջարդն» կարէ ասել...
Գիտացաք տալ քեզ խրատ,
Մինչեւ մեզէն աչօք բացօք անկաք ի խորխորատ:
Արդ զինչ եւ կամիս՝ արա':


Ապա ետ հրաման Թագաւորն Սփիւռքահայոց
Մորթել զԹոռնիկն ամենայն հայոց,
եւ զմորթն հանել եւ լնուլ խոտով,
Եւ տանել ընդ նոյն բերդ յԸնդմըշն որ Անյուշն կոչեն
Ուր արգելին իսկ զհայելին եւ զլոյսն: