Tuesday, July 27, 2010

Աղօթք

Եթէ անցեալը պէտք է վերադառնայ, կ'աղօթեմ որ այդ անցեալը անմիջապէս մեզ չճանչնայ: Եթէ մեր անցեալին հետ պէտք է հանդիպինք, մեծ ամբոխի մը մէջ թող ըլլայ, իբրեւ անծանօթներ իրարու քովէն անցնելով՝ արմուկները անգիտակցաբար իրարու կը զարնեն: Եւ եթէ «կը ներէք» մը մեր շրթունքէն վեր կ'ելլէ, մեր անցեալին պատասխանը թող չլսուի: Միայն անցեալը ցած երգ մը թող երգէ անցնելով, այդպիսի երգերէն՝ որ անքուն պզտիկներ մեղմօրէն կը պառկեցնէ:

No comments:

Post a Comment