Monday, September 13, 2010

Տաղ ի վերայ ծակերուն

Գրպանս ծակ մը ունէր, բայց ծակը ծակէն ինկաւ, եւ հիմա ծակ չունիմ:

Friday, August 6, 2010

Ամէն եօթը տարի

Լսած եմ որ ամէն եօթը տարուան ընթացքին, իւրաքանչիւր բջիջ մեր մարմիններուն մէջ կը մեռնի եւ նոր բջիջներ կը ծնին (ոմանք կ'ըսեն թէ ոսկրային բջիջները տասը կամ տասնըհինգ տարի կ'ապրին: Շատ աղէկ):

Ուրեմն, այս հիմակուան աչքերովս, ծննդավայրս երբէք չեմ տեսած, այս բազուկներովս, մեծ մօրս եւ հօրս երբէք չեմ փաթթուած, այս ոտքերովս, իբրեւ երախայ երբէք չեմ վազվզած:

Երկար կեանք վայելելը կը նշանակէ՝ շատ գոյացար, շատ անգոյացար:

Friday, July 30, 2010

Ապրած Տեղերս

Քանսաս, ծննդավայրս, լեցուն էր... պարապութեամբ: Նովա Սքոթիա ինծի սորվեցուց թէ ամարանոց ունենալը օգուտ չունի եթէ ձմեռ տանուտէրն է: Աշխարհը բնաւ չհաւատաց որ Քալամազու գոյութիւն ունի, եւ հետեւաբար Քալամազուին զաւակները կարեւորութիւն չեն տար աշխարհին: Հայաստան ոտքս կտրեց, բայց յետոյ հաշտուեցանք: Հալէպ անուշ ջուր քեզի կը հրամցնէ, բայց անորոշ բան մը քեզմէ կը պահանջէ: Գիրքերս հազարաւոր ձայներով կը խօսին. միասին, այդ ձայներուն փսփսուքը առագաստ լեցնող հողմին կը նմանի, յաջորդ տեղը հասնելէ առաջ:

Tuesday, July 27, 2010

Աղօթք

Եթէ անցեալը պէտք է վերադառնայ, կ'աղօթեմ որ այդ անցեալը անմիջապէս մեզ չճանչնայ: Եթէ մեր անցեալին հետ պէտք է հանդիպինք, մեծ ամբոխի մը մէջ թող ըլլայ, իբրեւ անծանօթներ իրարու քովէն անցնելով՝ արմուկները անգիտակցաբար իրարու կը զարնեն: Եւ եթէ «կը ներէք» մը մեր շրթունքէն վեր կ'ելլէ, մեր անցեալին պատասխանը թող չլսուի: Միայն անցեալը ցած երգ մը թող երգէ անցնելով, այդպիսի երգերէն՝ որ անքուն պզտիկներ մեղմօրէն կը պառկեցնէ:

Thursday, July 22, 2010

Վերստին Թոռնիկ ու Պապիկ

Պապիկ. --Աղուէս, դո՞ւ էիր խանգարիչ,
Որ այսչափ աշխատ արարեր զմեզ,
Դո՞ւ ես այն, որ կոտորեցեր զԱրիս այսչափ ամս:
Եւ այժմ զիա՞րդ կարես ապրել ի ձերաց իմոց,
Զմահ աղուեսու սպանից զքեզ:

Թոռնիկ. --Այժմ քո տեսեալ զիս անձամբս փոքրիկ,
Եւ սուրն իմ ոչ ընդ իս,
Ոչ առեր զչափ մեծութեան իմոյ.
Զի ցայժմ ես քեզ առիւծ էի, եւ արդ աղուէս:
Բայց մինչ ես Ապագան էի, ես ձեզ սկայ էի.
Մի ոտնս ի միոյ լերին կայր,
Եւ միւս ոտնս իմ ի միւսոյ լերին կայր.
Յորժամ յաջ ոտնս յենուի,
Զաջ լեառն ընդ գետին տանէի.
Յորժամ ի ձախ ոտնս յենուի,
Զձախ լեառն ընդ գետին տանէի:

Պապիկ. --Աղէ', տուր ինձ գիտել,
Ո՞վ են լերինքն այնոքիկ,
Զորս դուն ընդ ունջ տանէիր:

Թոռնիկ. --Լերինքն երկուք, մի դո'ւ էիր,
Թագաւորն Սփիւռքահայոց,
Նայեալ ի Հայաստան,
Որպէս ոմն նայէ ի հայելի
Եւ զդէմքն իւր ոչ ճանաչէ:
Միւսն՝ Թագաւորն հայոց,
Որ նայէ ի լոյսն կուրացուցիչ
Տարածեալ ի վերայ անհուն ծովուն սփիւռքահայոց
Եւ միայն մի «սպիտակ ջարդն» կարէ ասել...
Գիտացաք տալ քեզ խրատ,
Մինչեւ մեզէն աչօք բացօք անկաք ի խորխորատ:
Արդ զինչ եւ կամիս՝ արա':


Ապա ետ հրաման Թագաւորն Սփիւռքահայոց
Մորթել զԹոռնիկն ամենայն հայոց,
եւ զմորթն հանել եւ լնուլ խոտով,
Եւ տանել ընդ նոյն բերդ յԸնդմըշն որ Անյուշն կոչեն
Ուր արգելին իսկ զհայելին եւ զլոյսն:

Tuesday, June 29, 2010

Վերստին Թոռնիկ ու Պապիկ

Թոռնիկ. --Պապիկ, ինչո՞ւ մի անշուք ընտանիք ենք:

Պապիկ. --Որովհետեւ այս աշխարհում, կա՛մ անշուք կանում ես, կա՛մ մեծապատիւներից մին ես: Այսինքն՝ ահռելի շուք ունեցող մարդ, երկիր խաւարմամբ տարածող մարդ:

Թոռնիկ. --Եւ չե՞ս վախենում:

Պապիկ. --վախենալիք բան կա՞յ:

Թոռնիկ. --Վաղը կ'մեծնամ, եւ չ'գիտես թէ ու՜ր շուքս կ'հասնի...

Monday, June 28, 2010

Վերստին Թոռնիկ ու Պապիկ

Թոռնիկ. --Պապիկ, ինչո՞ւ հայերս այսպիսի չար վիճակով ապրում ենք:

Պապիկ. --Սրտմտութեան պատճարաւ:

Թոռնիկ. --Ան ի՞նչ է:

Պապիկ. --Մի բան որ սրտից ներս մտնում է: Այսինքն՝ բարկութիւն:

Թոռնիկ. --Բայց ուրիշ բանք սրտից ներս չե՞ն մտնում:

باز توفان

امروز توفان آمد، و برق ما (از ترس یا چیزی که گفتیم؟) رفت. تمام منزل خاموش شد. و الآن باران میبارد مانند باران میبارد روی آن جنگلهای قدیمی که اصلاً دیده نشدند.

Saturday, June 26, 2010

Մրրիկներ

Միջնադարեան մարդ, Արիստոտելով բորբոքուած, հաւատաց որ մեր մարմինը փոքր աշխարհ մըն է: Այսինքն՝ ամէն ինչ որ մէջերնիս կը պատահի ոչ միայն արտաքին աշխարհին ցոլացում մըն է, այլեւ մեր մարմիններուն եւ տիեզերքին միջեւ իսկական եւ անժխտելի կապ մը կը կազմէ:

Անշուշտ, ամենակարեւորը այն է որ արտաքին աշխարհը լոկ իմանալու միջոցը մեր ներքին, մարմնական աշխարհն է: 

Ուրեմն: Այս շաբաթ, Տիթրոյթին մէջ, երկրաշարժ մը զգացուեցաւ: Հո՞ս: Այսքա՞ն հեռու Լոս Անկելէսէ:

Առաւել եւս: Վերջերս, ամէն գիշեր մրրիկ մը պատուհանիս կը մօտենայ, անձրեւ ապականիին դէմ փչելով, խեղդուած մարդու մը վերջին շունչին նման: Եւ ամբողջ գիշերը արթուն կը մնամ, մտածելով այդ առեղծուածին մասին, որ ներքին գործարաններս իրենց յատուկ անձնասիրութեամբ ինծի չեն յայտներ:

Thursday, June 24, 2010

տարեդարձս

Մեծցայ, բայց ո՜չ դիտմամբ:

Monday, June 21, 2010

Շաբաթ 17, 2008

Շաքէն անունս կը կանչէ վազելով սենեակէ սենեակ, պատուհանէ պատուհան: Նորէն անունս կը կանչէ, այս անգամ զիս դաստակէս քաշելով դէպի պատշգամը: Վարի փողոցին մէջ խենդ մը պէտք է ըլլայ, կամ անդամալոյծ մը, կամ կաղ մարդ մը, եւ Շաքէն կը ստիպէ որ դիտեմ: Տեսարանը սովորական է: Մեր դիմացի շէնքին պատշգամներէն մէկու վրայ պառաւ մը կը նստի, համրիչը ձեռքը, Աստուծոյ աղօթելով, եւ քիչ վար մարդ մը գաղտնագողի ծխախոտ կը ծախէ: Շաքէն ոտքի մատներուն վրայ կեցած է եւ փողոցին կը նայի: 60 տարեկան է, շատ կարճահասակ: Իր հագած դեղին գիշերանոցը այնքան երկար է որ քղանցքը ոտքերը կը հասնի: Մտքիս մէջ պզտիկի մը ճիշդ կը նմանի, որ իր մօր տարազը հագնելով, աւելի կը պզտիկնայ: