Monday, June 21, 2010

Շաբաթ 17, 2008

Շաքէն անունս կը կանչէ վազելով սենեակէ սենեակ, պատուհանէ պատուհան: Նորէն անունս կը կանչէ, այս անգամ զիս դաստակէս քաշելով դէպի պատշգամը: Վարի փողոցին մէջ խենդ մը պէտք է ըլլայ, կամ անդամալոյծ մը, կամ կաղ մարդ մը, եւ Շաքէն կը ստիպէ որ դիտեմ: Տեսարանը սովորական է: Մեր դիմացի շէնքին պատշգամներէն մէկու վրայ պառաւ մը կը նստի, համրիչը ձեռքը, Աստուծոյ աղօթելով, եւ քիչ վար մարդ մը գաղտնագողի ծխախոտ կը ծախէ: Շաքէն ոտքի մատներուն վրայ կեցած է եւ փողոցին կը նայի: 60 տարեկան է, շատ կարճահասակ: Իր հագած դեղին գիշերանոցը այնքան երկար է որ քղանցքը ոտքերը կը հասնի: Մտքիս մէջ պզտիկի մը ճիշդ կը նմանի, որ իր մօր տարազը հագնելով, աւելի կը պզտիկնայ:

No comments:

Post a Comment